«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միացեալ Նահանգները Լիբանանի բանակին յանձնած է 14.3 միլիոն տոլար արժող ռազմական սարքեր։ Այս մասին, Twitter-ի իր էջով յայտնած է Լիբանանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը։
Դեսպանատունը յայտարարած է, թէ գիշերային տեսողութեան սարքեր, ռատիոներ եւ այլ պարագաներ, որոնք կը գնահատուին 14.3 միլիոն տոլարով, մաս կը կազմեն ԱՄՆ-ի կողմէ բանակին տրամադրուող մշտական օժանդակութեան:
Այս ամսուան սկիզբը՝ Բանակը Ուաշինկթընէն ստացած է վեց ինքնաթիռային համակարգ:
2006-էն ի վեր ԱՄՆ-ն Բանակին տրամադրած է աւելի քան 2 միլիառ տոլարի օգնութիւն:
ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան պաշտօնակատար Ռոպըրթ Փալատինօ, անցեալ ամիս, AFP- ին ըսած էր, թէ վարչապետ Ս. Հարիրին եւ ԱՄՆ Պետական քարտուղար Մայք Պոմպէոն, վերջինիս Պէյրութ կատարած այցին ընթացքին՝ քննարկած են ԱՄՆ-լիբանանեան անվտանգութեան գործընկերութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը: Ըստ Փալատինոյի՝ անոնք նաեւ խօսած են Լիբանանի օրինական պետական անվտանգութեան հաստատութիւններուն, յատկապէս Լիբանանի զինուած ուժերուն շարունակական աջակցութեան անհրաժեշտութեան մասին: