Պրազիլիոյ Մէջ Առնուազն Տասը Մարդ Զոհուած Է Արեւադարձային Անձրեւներու Պատճառով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Պրազիլիոյ Ռիօ տէ Ժանէյրօ նահանգի մէջ առնուազն տասը մարդ զոհուած է հետեւանքով արեւադարձային անձրեւներու, որոնք տարածաշրջանի մէջ սկսած են տեղալ Ապրիլ 8-ին: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնԷ «Արմէնպրես»-ը, յայտնած Է Telesur հեռատեսիլի ալիքը:

Նաեւ կը հաղորդուի տասնեակ անյայտ կորսուածներու մասին, սակայն անոնց ստոյգ թիւը չի նշուիր:

Յորդառատ անձրեւներու հետեւանքով ողողուած են տարածաշրջանի ճանապարհներու մեծ մասը, իսկ տարերքի պատճառած սողանքները յանգեցուցած են շարք մը շէնքերու աւերման: Ներկայիս հրշէջ ծառայութիւները կը շարունակեն որոնողական եւ փրկարարական գործողութիւնները, հաղորդած Է ՌԻԱՅ Նովոստին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *