Ռուսիա Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Նպաստելու Լիբանանի Մէջ Ելեկտրակայաններու Կառուցումին. Ռուսիոյ Դաշնութեան Դեսպան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Ալեքսանդր Զասիփքին LAU համալսարանի կազմակերպած խորհրդաժողովին մասնաւորաբար խօսեցաւ Ռուսիոյ՝ Լիբանանի մէջ նոր եւ արդիական ելեկտրակայաններ կառուցելու աշխատանքներուն ըստ կարելւոյն նպաստելու պատրաստակամութեան ու շահագրգռուածութեան մասին:
Այս մասին կը տեղեկանանք ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակած տեղեկագրութենէն:
Նշենք, որ կառավարութեան նոր ծրագիրը կ’ընդգրկէ ելեկտրականութեան ոլորտի բարւոքումը, այլ խօսքով՝ 2020-էն սկսեալ ապահովել 24/7 ելեկտրականութեան մատակարարումը, ինչպէս նաեւ վեց նոր ելեկտրակայան կառուցել յառաջիկայ վեց տարիներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *