«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի Հանրապետութեան վարչապետ Ատըլ Ապտ Ալ-Մահտիի հետ:
Ինչպէս կը տեղեկանանք խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն, հանդիպումին Պըրրի մասնաւորաբար անդրադարձաւ Լիբանանի ծովային տարածքը ներխուժելու իսրայէլեան մարմաջին՝ աւելցնելով, թէ Լիբանան երբեք թոյլ պիտի չտայ, որ նման բան պատահի: Այս մասին խորհրդարանի նախագահ Նապիհ յայտնած էր նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին, որ անցնող ամիս պաշտօնական այցով կը գտնուէր Լիբանան:
Պըրրիի դիտարկմամբ՝ միասնականութիւնը եւ համախմբուած դիմակալումը լաւագոյն միջոցն է կասեցնելու Իսրայէլի զաւթողական փորձերը:
«Երբ այս փոքրիկ Լիբանանը համախմբուի, ան Իսրայէլի դէմ ոչ թէ մէկ, այլ մի քանի անգամ կրնայ յաղթանակ տանիլ»,– ըսաւ ան:
