Ելեկտրականութեան Նոր Նախագիծի Ուսումնասիրութեամբ Զբաղող Յանձնաժողովը Ի Մի Եկաւ Ազգային Ազատ Հոսանք-Լիբանանեան Ուժեր Տարաձայնութենէն Ետք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Ելեկտրականութեան նոր նախագիծի ուսումնասիրութեամբ զբաղող նախարարական յանձնաժողովը հանդիպում ունեցաւ նախագիծին շուրջ երկու կուսակցութիւններու՝ Ազգային ազատ հոսանքի եւ Լիբանանեան ուժերու միջեւ տարաձայնութենէն ետք:
Նշենք, որ անցնող ամիս ուժաբանութեան նախարար Նատա Պուսթանի նախարարաց խորհուրդին ներկայացուց ելեկտրականութեան նոր նախագիծը: Վերոյիշեալ յանձնաժողովը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, կազմուեցաւ 21 Մարտին եւ որուն մէկ շաբաթ տրուեցաւ՝ ծրագիրը ուսումնասիրելու համար:
Այնուամենայնիւ, նախարարաց խորհուրդի եւ խորհրդարանի նիստերը յետաձգուեցան, որովհետեւ Մարտ ամսուան աւարտին Հարիրի սրտի վիրահատութեան ենթարկուեցաւ Փարիզի մէջ: Ան Պէյրութ վերադարձաւ Հինգշաբթի երեկոյեան:         

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *