Լիբանան Հակուած Է Յաղթահարելու Մարտահրաւէրները. Աուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ միջերկրածովեան 22-րդ խորհրդաժողովին Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան հակուած է յաղթահարելու իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները՝ յանուն կայուն զարգացումի:
Նշենք, որ միջերկրածովեան խորհրդաժողովը կը նպատակադրէ խթանել երկխօսութիւնը միջերկրածովեան պետութիւններուն միջեւ:
Աուն մասնաւորաբար նշեց խորհրդաժողովին շօշափուած թեմաները, որոնց կարգին՝ կենսոլորտի կեղտոտումը, կայուն զարգացումը եւ սուրիացի գաղթականութեան ճգնաժամը, որոնք Լիբանանի առջեւ ծառացած հիմնական մարտահրաւէրներէն են:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *