Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Ռազմական Խորհուրդի Նշանակումներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ ռազմական խորհուրդի պաշտօնէութեան նշանակումին, ինչ որ նախապէս յետաձգուած էր թեկնածուական խնդիրներու պատճառով:
Գլխաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզեֆ Աունի՝ ռազմամիաւորումի գնդապետ Մահմուտ Ալ-Ասմար նշանակուեցաւ պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, համապաշտօններ՝ Ամին Ալ-Արմը՝ բանակի անձնակազմի ղեկավար, Միլետ Իսհաքը՝ ընդհանուր վերահսկիչ, Էլիաս Ալ-Շամիէն՝ խորհուրդի լիաժամ անդամ: Այս մասին նիստի աւարտէն ետք յայտարարեց տեղեկատուական նախարար Ժամալ Ժարրահ:
Ռազմախորհուրդի նշանակումներու թղթածրարը մաս կը կազմէր օրակարգային 55 հարցերու, զորս քննարկելու համար գումարուեցաւ նախարարաց նիստ Պաապտայի նախագահանիստ պալատին մէջ՝ գլխաւորութեամբ նախագահ Միշէլ Աունի: 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *