Աւելի Քան 170 000 Սուրիացի Գաղթական Ներգաղթած Է Լիբանանէն Դեկտեմբեր 2017-էն Ի Վեր. Ընդհանուր Ապահովութեան Ծառայութիւն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ծառայութիւնը յայտարարեց, որ աւելի քան 170 000 սուրիացի գաղթական վերադարձած է Սուրիոյ Հանրապետութիւն Դեկտեմբեր 2017-էն ի վեր:
Ստոյգ թիւը՝ 172 046-ը, միաժամանակ կ’ընդգրկէ իրենց անձնական միջոցներով եւ ապահովութեան ծառայութեան կազմակերպած կամաւոր ուղեւորութիւններով ներգաղթած գաղթականները:
Նշենք, որ ընդհանուր ապահովութեան ծառայութիւնը Մայիս 2018-էն ձեռնամուխ եղած է գաղթականութեան կամաւոր տունդարձի կազմակերպչական աշխատանքներուն:
Ապահովութեան ծառայութեան կազմակերպութեամբ վերջին տունդարձը տեղի ունեցաւ 28 Փետրուար 2019-ին: Յունուարին 1000 գաղթական եւս վերադարձաւ երկիր:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *