Տինքի Սպանութեան Գործով Ազատ Արձակուած Երկու Կասկածեալները Դարձեալ Կը Ձերբակալուին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» պարբերականի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով օրերս պայմանական ազատ արձակուած երկու կասկածեալները դարձեալ կը ձերբակալուին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը, Սթամպուլի դատարանը Մարտ 15-ին բաւարարած է դատախազներու միջնորդութիւնը Սթամպուլի ոստիկանութեան հետախուզական բաժնի ղեկավար Մուհարեմ Տեմիրքալեն եւ «Fox TV» հեռուստաընկերութեան լրատուական բաժնի տնօրէն Էրճան Կիւնը դարձեալ ձերբակալելու համար:

Տինքի սպանութեան գործով յաջորդ դատական նիստը տեղի կ’ունենայ Յունիս 11-13:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *