Աուն Կը Սպասէ, Որ Հարիրի Վերադառնայ՝ Քննարկելու Կառավարութեան Կազմաւորման Մէջ Վերջին Զարգացումները. Ռաաի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն կը սպասէ, որ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի վերադառայ Պէյրութ՝ քննարկելու կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ վերջին զարգացումները: Այս մասին ըսաւ Պշարա Ռաաի նախագահ Աունի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ հեռարձակուող ասուլիսի ժամանակ:
Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի այժմ կը գտնուի Միացեալ Թագաւորութիւն: Վերադարձին, Աուն պիտի ներկայացնէ իրեն այս շաբթուան ընթացքին քաղաքական շարք մը կուսակցութիւններու հետ կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղին վերացնելու միտումով ունեցած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *