Կառավարութեան Կազմաւորման Լուծումը Տակաւին Կը Յամենայ. Հըզպալլայամէտ Սիւննի Երեսփոխաններ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող 6 սիւննի երեսփոխանները նախագահ Միշէլ Աունի հետ հանդիպումէ ետք «պաղ ջուր թափեցին» կառավարութեան կազմաւորման մէջ առկայ փակուղիի վերացման եւ այդ առումով նկատառելի յառաջընթացի հաւանականութեան կապակցութեամբ ընդհանուր լաւատեսութեան վրայ:
Սիւննի երեսփոխաններէն մէկը՝ Ուալիտ Սուքքարիէն, հեռուստատեսային յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ կառավարութեան կազմաւորման խնդրի լուծումը տակաւին կը յամենայ, որովհետեւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի մտադիր չէ իր դիրքորոշումը փոխել իրենց ներկայացուցչութեան խնդրի առնչութեամբ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *