«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երէկ լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզէֆ Աուն հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ ԱՄՆի դեսպան Էլիզապէթ Ռիչարտի եւ Միացեալ Թագաւորութեան դեսպան Քրիս Ռամբլինկի հետ, ուր ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆի եւ Միացեալ Թագաւորութեան կողմէ սահմանային գունդերու զօրավարժութիւններուն ցուցաբերուող աջակցութեան համար:
