Արմատականները Կը Ձգտին «Դեղին Բաճկոնաւորներու» Միջոցով Տապալել Իշխանութիւնը. Կառավարութիւն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Արմատականները կը փորձեն «դեղին բաճկոնաւորներու» միջոցով Ֆրանսայի մէջ տապալել իշխանութիւնը: «Le Parisien» թերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ այս կարծիքը յայտնած է Ֆրանսայի կառավարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Պենճամեն Կրիվոն, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը: Մեկնաբանելով Դեկտեմբեր 8ին Ելիսէեան պալատէն ոչ հեռու նախատեսուած՝ բողոքի ցոյցը՝ Կրիվոն ըսած է. «Քաղաքականացուած եւ արմատական տարրերը կը փորձեն օգտագործել շարժումը: Անոնք կը ցանկան տապալել իշխանութիւնը:

Կառավարութեան ներկայացուցիչը անհանգստութիւն յայտնած է, որ ցոյցերու ժամանակ «կրնայ հրազէն տարածուիլ»:

Կրիվոն խորհուրդ տուած է չմասնակցիլ Փարիզի մէջ կայանալիք շաբաթօրեայ բողոքներուն: «Սա այն խորհուրդն է, որ ես կը ցանկամ տալ»,- ըսած է ան՝ ընդգծելով, որ «բողոքներու ժամանակ յարձակումներուն համաչափ եւ վճռական պատասխան կը տրուի»,- հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *