Թրամփ Կ’առաջարկէ Մաքս Գանձել ԱՄՆի Մէջ Ապաստան Ստանալ Փափաքող Ներգաղթողներէն. «BuzzFeed»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմը կը քննարկէ ներգաղթեալներու համար մաքսի սահմանման հնարաւորութիւնը Միացեալ Նահանգներու տարածքին ապաստան ստանալու նպատակով դիմում տալու համար: Դեկտեմբեր 4ին այս մասին յայտնած է «BuzzFeed»ը՝ վկայակոչելով տարբեր աղբիւրներ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը:

Խօսքը կը վերաբերի տակաւին չհաստատուած փաստաթուղթին, զոր ընդունուելու պարագային կ’ենթադրէ 50 տոլարի չափով մաքսի գանձում համապատասխան խնդրագիր տալու համար, եթէ հայցորդը արդէն կը գտնուի ԱՄՆ: Ներկայիս այդ ընթացակարգը կ’իրականացուի անվճար:

Հրատարակութիւնը յիշեցուցած է, որ ԱՄՆի Քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի ծառայութեան քննարկման ներկայացուած է ապաստան տրամադրելու շուրջ 300 հազար միջնորդութիւն, որոնց համար պէտք է 50 տոլար մաքս գանձուի, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»ը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *