Ֆինանսներու Եւ Պիւտճէի Յանձնաժողովը Քննարկեց Հակափտածութեան Կոմիտէի Ստեղծման Օրինագիծը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ըսաւ, որ Ֆինանսներու եւ պիւտճէի յանձնաժողովը Չորեքշաբթի որոշում պիտի կայացնէ հակափտածութեան հետ կապուած օրինագիծի վաւերացման համար: Այս մասին կը տեղեկանանք Քանաանի թուիթըրեան էջէն:
Նշենք, որ երէկ յանձնաժողովը նիստի ժամանակ քննարկեց փտածութեան դէմ պայքարի համար ազգային կոմիտէ ձեւաւորելու խնդիրը, ինչը, Քանաանի հաղորդմամբ, կը նպատակադրէ ատաղձ հանդիսանալ սոյն օրէնքի իրականացման:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *