Իրանը Մտադիր Չէ Դուրս Գալ Նաւթ Արտահանող Երկիրներու Կազմակերպութենէն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Իրանը չի պատրաստուիր դուրս գալու Նաւթ արտահանող երկիրներու կազմակերպութենէն (OPEC), սակայն մտադիր ալ չէ նուազեցնել նաւթի արտահանման ծաւալները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, այս մասին Bloombergի հետ հարցազրոյցին ըսած է կազմակերպութեան մէջ Իրանի ներկայացուցիչ Հուսէյն Քազեմպուր Արտեպիլին:

«Մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է. քանի դեռ ԱՄՆը պատժամիջոցներ կը կիրարկէ մեր դէմ, մենք չենք պատրաստուիր կրճատելու նաւթի արտահանումը»,- ըսած է Քազեմպուրը:

Աւելի կանուխ OPECէն դուրս գալու որոշումին մասին յայտարարած էր Քաթարը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *