«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ՝ Վլատիմիր Փութին եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «քսանեակի» գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կայացած հանդիպումին համաձայնած են Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի ապառազմականացուած գօտիի պարագային ձեռնարկուելիք քայլերուն շուրջ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը՝ վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»ը, այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկեյ Լաւրովը՝ «Ռոսսիա 1» հեռուստաալիքի «Մոսկուա։ Քրեմլին։ Փութին» հաղորդումի ժամանակ։
«Այս հանդիպումին նաեւ վերահաստատուած է Իտլիպի վերաբերեալ համաձայնութիւնը,- ըսած է ան։– Նշուած է, որ, չնայած մեր թուրք գործընկերներու աշխոյժ, հետեւողական գործողութիւններուն, այնուամենայնիւ, ոչ բոլոր ծայրայեղականները ենթարկուած են ապառազմականացուած 20-քիլոմեթրնոց գօտին ազատելու պահանջին»:
«Համաձայնեցուած են հետագայ քայլերը՝ ուղղուած նման ապառազմականացուած գօտիի ստեղծման համաձայնութիւնը յարգելուն, բայց, միաժամանակ, միջոցներու կը ձեռնարկուին, որպէսզի ծայրայեղականները փորձ չընեն վնասելու այս կարեւորագոյն պայմանաւորուածութիւնը, ինչը բոլորը ողջունած են»,- յաւելած է Լաւրովը։
2018 թուականի Սեպտեմբեր 17ին ՌԴ եւ Թուրքիոյ նախագահները պայմանաւորուած են մօտ Հոկտեմբեր 15ին Իտլիպի մէջ ստեղծել ապառազմականացուած գօտի, որ 15-20 քմ կը տարածուի Սուրիոյ կառավարական եւ զինուած ընդդիմութեան զօրքերու շփման գիծի երկայնքով։ Սակայն Անգարան խնդրած է տալ լրացուցիչ ժամանակ եւ յետաձգել Սուրիոյ այդ նահանգին մէջ համատեղ պարեկութիւնը՝ նշելով, որ անկարող է անվտանգութեան պայմաններ երաշխաւորել իր կողմէ։
Պուէնոս Այրեսի մէջ հանդիպումին Էրտողան առաջարկած է Իտլիպի շուրջ իրավիճակի վերաբերեալ նոր համաժողով գումարել: