Սխալմամբ Մաքրոնը Պաշտօնապէս Չեն Դիմաւորած Պուէնոս Այրես Ժամանելէ Ետք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Արժանթինի պաշտօնատարները սխալմամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ իր տիկինը՝ Պրիճիթը, չեն դիմաւորած Պուէնոս Այրես ժամանելէ ետք, ուր 30 Նոյեմբերին մեկնարկած է G20ի գագաթնաժողովը: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, յայտնած է «Euronews» հեռուստաալիքը:
Հեռուստաալիքը կը նշէ, որ Ֆրանսայի նախագահը եւ առաջին տիկինը թիւրիմացաբար դիմաւորած է օդակայանի աշխատակիցը, որ բանուորական հագուստով եղած է: 
Աւելի ուշ օդակայան, այնուամենայնիւ, ժամանած է Արժանթինի փոխնախագահ Գաբրիէլա Միքեթին, որ ողջունած է Ֆրանսայի ղեկավարն ու անոր կինը, երբ անոնք արդէն մեքենայ կը նստէին:
Այս միջադէպին կապակցութեամբ լուսանկարներն ու կատակները անյապաղ տարածուած են ընկերային ցանցերու վրայ, կը նշէ «Euronews»ը: 
Գագաթնաժողովը պիտի ընթանայ Costa Salguero ցուցահանդէսային կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի Լա Փլաթա ծոցի ափին՝ Պուէնոս Այրեսի կեդրոնէն որոշ հեռաւորութեամբ: Աշխարհի ղեկավարներու հանդիպումին վայրը կը գտնուի Խորխէ Նիւպերիի անուան օդակայանի հարեւանութեամբ, որ գագաթնաժողովի օրերուն բաց պիտի ըլլայ միայն պաշտօնական պատուիրակութիւններու ինքնաթիռներուն համար: 
Costa Salgueroին յարող ամբողջ գօտին մեքենաներու եւ հետիոտներու համար փակ պիտի ըլլայ մինչեւ 1 Դեկտեմբեր՝ ժամը 22:00 (Լիբանանի ժամանակով 2 Դեկտեմբեր՝ ժամը 3:00): 
Սահմանափակումները կը վերաբերին նաեւ հանրային փոխադրամիջոցներուն: Գագաթնաժողովի երկու օրուան ընթացքին քաղաքին մէջ պիտի չաշխատի մեթրօն, ինչպէս նաեւ փակ պիտի ըլլան երկաթուղային կայարաններն ու մեքենակայանները: Քաղաքային հանրակառքերու երթուղիները կը փոխուին: Առեւտրային չուերթներու համար բաց կ’ըլլայ Պուէնոս Այրեսի երեք օդակայաններէն միայն մէկը: 
Արժանթինի իշխանութիւնը 30 Նոյեմբեր յայտարարած են ոչ աշխատանքային օր եւ Պուէնոս Այրեսի բնակիչներուն խորհուրդ տուած են օգտուելու երկար հանգստեան օրերէն ու մեկնելու քաղաքէն դուրս: 
Արժանթինի անվտանգութեան նախարար Փաթրիսիա Պուլրիչը տեղական հեռուստատեսութեան եթերի ժամանակ ըսած է, որ գագաթնաժողովի օրերուն անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ կը ներգրաւուին իրաւապահ մարմիններու շուրջ 22 հազար աշխատակիցներ, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»ը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *