Կառավարութեան Կազմաւորման Ամէնէն Արագ Ուղին Սիւննի Երեսփոխաններու Ներկայացուցչութիւնը Ընդունիլ Է. Մուսաուի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Հըզպալլա կուսակցութեան երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի ըսաւ, որ կառավարութեան կազմաւորման ամէնէն արագ ուղին Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող 6 սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութիւնը ընդունիլ է: Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
«Մենք կոչ կ’ընենք վերջ տալու ժամանակի անիմաստ վատնումին եւ ամէնէն արագ ուղին ընտրելու կառավարութեան կազմաւորման համար, որ է՝ սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութիւնը ընդունիլ»,- մէջբերուած է Մուսաուիի խօսքը:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *