«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հրապարակուած է ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովի անվտանգութեան քաղաքացիական բաղադրիչի յանձնաժողովի զեկոյցը, ուր Թուրքիան կը ներկայացուի որպէս ՆԱԹՕի անդամ միակ անազատ երկիրը:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»ը, կը յայտնէ թրքական cumhuriyet.com.trն:
Զեկոյցին մէջ յղում կատարուած է Freedom Houseին եւ նշուած, որ Թուրքիան աշխարհի անազատ երկիրներու շարքին է:
Զեկոյցին մէջ քննադատուած են նաեւ 2016ին ռազմական յեղաշրջումի փորձէն ետք Թուրքիոյ մէջ գրանցուած անձնակազմային ջարդն ու զանգուածային ձերբակալութիւնները:
Շեշտուած է, որ Թուրքիոյ մէջ 2017ին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու բերումով նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի լիազօրութիւնները անհամեմատ ընդլայնուած են եւ բաղդատմամբ միւս նախագահական հանրապետութիւններուն հետ՝ այստեղ իշխանութիւնը հաւասարակշռուած չէ: