Լիբանանի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Կոչ Կ’ընէ Կառավարութեան Սրընթաց Կազմաւորման

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին տրուզ նախկին երեսփոխանի հետ հանդիպումին կոչ ըրաւ կառավարութեան սրընթաց կազմաւորման: Այս մասին Չորեքշաբթի հաղորդեց ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
Նախկին երեսփոխան Ֆայսալ Տաուտի հետ հանդիպումէն ետք Զասիփքի ըսաւ. «Մինչ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը ներգրաւուած պիտի չըլլայ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ, մենք միշտ կը յորդորենք Լիբանանի ժողովուրդին, յատկապէս պաշտօնատարներուն՝ պահպանելու երկրի ներքին կայունութիւնը»: 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *