«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի ըսաւ, որ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիի լուծումը տրամաբանականօրէն կախուած է նախագահ Միշէլ Աունէն, որովհետեւ քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները կը շարունակեն յամառ մնալ իրենց դիրքորոշումներուն մէջ: Այս մասին կ’իմանանք «Ալ Ժումհուրիա» տեղական օրաթերթի հրապարակումէն:
Պըրրիի հաղորդմամբ՝ ան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն ուշադրութեան յանձնած է, որ Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող սիւննի անկախ երեսփոխանները նոր կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութիւն ձեռք ձգելու պահանջի պարագային որեւէ ձեւով պիտի չդիմեն զիջումներու՝ աւելցնելով, որ թէ՛ ինքը, թէ՛ Հըզպալլան պիտի շարունակեն ամբողջապէս զօրակցիլ անոնց:
