«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի եւ Հըզպալլայի զօրակցութիւնը վայելող սիւննի անկախ երեսփոխաններուն միջեւ հաւանական հանդիպումը որեւէ արդիւնքի պիտի չյանգի: Այս մասին Երկուշաբթի յայտնեց Մուսթաքպալ շարժումի օրէնսդիրը:
«Հարիրիի եւ սիւննի անկախ երեսփոխաններու հաւանական հանդիպումը որեւէ բան պիտի չփոխէ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղիի խնդրով,- «Լիբանանի Ձայնը» ռատիօկայանին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսաւ երեսփոխան Ասսեմ Արաժի:- Վարչապետի պաշտօնակատարը միմիայն իր դիրքորոշումը պիտի վերահաստատէ այդ հանդիպումին»:
