Երկիրը Ի Վիճակի Չէ Տանելու Կառավարութեան Կազմաւորման Յետաձգումը. Պըրրի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երկուշաբթի խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի դիտել տուաւ, որ երկիրը այլեւս ի վիճակի չէ տանելու նոր կառավարութեան կազմաւորման յետաձգումը: Նշենք, որ կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին մէջ առկայ փակուղին արդէն իսկ թեւակոխած է եօթներորդ ամիսը:
«Հաստատապէս նկատել կու տամ, որ կառավարութեան կազմաւորումը յետաձգելու որեւէ փորձ տանելի չէ այլեւս»,- մասնաւորաբար շեշտեց խորհրդարանի նախագահը Այն Ալ Թինէի իր նստավայրին մէջ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *