«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Երեքշաբթի շնորհակալագիր ստացաւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպասէն անցեալ ամիս գումարուած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նիստին Պաղեստինի նկատմամբ դրսեւորած դիրքորոշումին համար:
«Նամակին մէջ Պաղեստինի նախագահին կողմէ կը վերահաստատուի Լիբանանի եւ Պաղեստինի ժողովուրդներուն միջեւ պատմական ամուր կապերը»,- ըսուած է նախագահական յայտարարութեան մէջ՝ մէջբերելով նամակը:
Նամակին մէջ նաեւ կ’ընդգծուի համագործակցութեան խիստ անհրաժեշտութիւնը՝ Պաղեստինի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները դիմակայելու:
