«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Զահլէի Ֆերզոլ շրջանին մէջ Լիբանանեան ուժերու գրասենեակի ղեկավար Եուսեֆ Սաաիտ Երկուշաբթի յետմիջօրէին ազատ արձակուցեաւ Զահլէի մէջ Լիբանանեան ուժերու զօրակիցներուն եւ Ազգային ազատ հոսանք շարժումի միջեւ տեղի ունեցած վէճի հետեւանքով 24 ժամ ձերբակալումէ ետք:
Լիբանանեան բանակը Կիրակի առաւօտ միջամուխ եղաւ յարմարագոյն լուծումը գտնելու սոյն վէճին, որ ծայր առաւ ԼՈ-ի կողմէ իր կուսակցութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձան տեղադրելու փորձէն ետք:
