«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հըզպալլայի խորհրդարանական պլոքի առաջնորդ Մուհամմատ Ռաատ Երկուշաբթի անդրադարձաւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Լիբանանի կառավարութեան կազմաւորման գործընթացի խափանման իրողութեան:
«Կառավարութեան կազմաւորման գործընթացը խոչընդոտող անձինք նոյն այն անձերն են, որոնք նախապէս, այսպէս ըսած, «ձերբակալեցին» մեր վարչապետը»,- Ազգային լրատուական գործակալութիւնը մէջբերած է երեսփոխան Մուհամմատ Ռաատի խօսքը:
