Աուն Յոյս Կը Յայտնէ Ամրապնդելու Լիբանանեան-Գանատական Յարաբերութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ»ՊԷՅՐՈՒԹ –Երկուշաբթի նախագահ Միշէլ Աուն յստակօրէն ընդգծեց, որ լիբանանեան-գանատական յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացած են արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան շնորհիւ:

Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ պատուրիակութեան մը հետ հանդիպումին նախագահը բարձր գնահատեց Գանատա բնակութիւն հաստատած լիբանանցիներու խաղացած նշանակալի դերը իրենց հայրենի երկրին հետ կապ հաստատելու գործին մէջ:
«Լիբանանը հետամուտ է ամրապնդելու Գանատայի հետ յարաբերութիւնները բոլոր հարթակներուն վրայ՝ ընդգծելով, որ Գանատա բնակութիւն հաստատած լիբանանցիները հաւատարիմ են այն երկրին, որ զիրենք սիրով ընդունած է եւ աշխատանքային հնարաւորութիւններ ընձեռած»,- ըսաւ Աուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *