Թուրքիոյ Դատարանը Չափաւոր Իսլամի Քարոզիչ Կիւլենի Եղբօրը Դատապարտած Է Աւելի Քան 10 Տարուան Ազատազրկումի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Չափաւոր իսլամի քարոզիչ, «Հիզմեթ հարեքեթի» կրօնական շարժումի առաջնորդ, Ֆեթուլլահ Կիւլենի եղբօրը Թուրքիոյ Իզմիրի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը դատապարտած է 10 տարի 6 ամիս ազատազրկումի: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:

Ֆեթուլլահ Կիւլենի եղբայր Քութբեթթին Կիւլենը կը մեղադրուի «կիւլենական համայնքի օգտին յայտարարութիւններ ընելու միջոցով ժողովուրդին մէջ ատելութիւն սերմանելու» յատկանիշներով:

Քութբեթթին Կիւլենը ձերբակալուած եւ կալանաւորուած է 2016-ին կիւլենականներու դէմ տարուող հետաքննութեան ծիրէն ներս:

Կիւլենի եղբայրը իր դէմ առաջադրուած մեղադրանքները չէ ընդունած եւ պահանջած է, որ իրեն ազատ արձակեն: Դատարանին մէջ Կիւլենը յայտարարած է, որ ինքը առողջական խնդիրներ ունի, բայց դատարանը մերժած է իր ազատ արձակման պահանջը:

Պաշտօնական Անգարան «Հիզմեթ Հարեքեթի» կրօնական ազդեցիկ կազմակերպութեան առաջնորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենը (1998 թուականէն վտարանդիութեան մէջ է ԱՄՆ-ի Փենսիլվանիա նահանգին մէջ) կը մեղադրէ 2016 թուականի Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ռազմական յեղաշրջումի փորձը կազմակերպելու եւ ղեկավարելու մէջ: 

Թրքական իշխանութիւնները ռազմական յեղաշրջումի փորձին Կիւլենի մասնակցութեան «ապացոյցներով փաստաթուղթերու փաթեթ» ուղարկած են ԱՄՆ-ի նախագահին եւ խնդրած Կիւլենը արտայանձնել Թուրքիոյ: 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *