«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Ազրպէյճան կատարած այցը աւարտած է:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Հայտար Ալիեւի անուան միջազգային օդակայանին մէջ Փութինը ճանապարհած են Ազրպէյճանի վարչապետի առաջին տեղական Եագուպ Էիւպովը եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը: Պաքուի մէջ կայացած միջոցառումներէն ետք ռուսական պետութեան ղեկավարը մեկնած է Տուշանպէ, ուր մեկնարկած է ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներուն երկօրեայ հանդիպումը:
Նշենք, որ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին աշխատանքային կարճատեւ այցով ժամանած է Պաքու, ուր հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ազրպէյճանական, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ յղում ընելով «ՏԱՍՍ»-ին:
Երկու երկիրներու ղեկավարները ունեցած ունեցած են երկկողմ հանդիպում, ինչպէս նաեւ ելոյթ ռուս- միջտարածաշրջանային իններորդ համաժողովի լիագումար նստաշրջանին եւ ներկայ եղած են ձիւտոյի աշխարհի 32-րդ առաջնութեան վերջին օրուան մրցումներուն: