Աուն Նիւ Եորքի Մէջ Հանդիպումներու Ծիրէն Ներս Բանակցութիւններ Վարեց Եգիպտոսի Նախագահին Հետ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Երկուշաբթի ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նիստի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Ալ Սիսի հետ: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահական գրասենեակէն:

Յայտնենք, որ Աուն կը գլխաւորէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի այս տարուան նիստին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *