Լիբանանեան Արժոյթին Վտանգ Չի Սպառնար. Աուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն Չորեքշաբթի Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց միջազգային պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ան մասնաւորաբար ընդգծեց, որ երկրի տնտեսական անյուսալի գոյավիճակին մասին շրջանառուող լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան՝ նախազգուշացնելով նման թիւր հաղորդումներէ, որոնք անտարակոյս կը վնասեն երկիրը զանազան հարթակներու վրայ:
«Լիբանանեան թղթոսկին վտանգի առջեւ չէ այնպէս ինչպէս կը հաղորդուի: Մենք հնարաւորինս դիմակալած ենք յանուն մեր ազատութեան ու անկախութեան եւ այսօր եւս պէտք է պայքար մղենք մեր հայրենիքը փրկելու համար»,- նախագահական գրասենեակի յայտարարութեան մէջ մէջբերուած է Աունի խօսքը:

Յայտնենք, որ Սահելի յանձնառած է Հըզպալլա կուսակցութեան կողմէ հաստատուած կեդրոններու վերահսկողութիւնը, որոնք հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն Սուրիա վերադառնալ ցանկացող գաղթականներուն իրենց մօտ գրանցուելու:   

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *