Փհենիանի Մէջ Մեկնարկած Են Հիւսիսային Քորէայի Եւ Հարաւային Քորէայի Ղեկավարներու Բանակցութիւնները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քորէայի Հանրապետութեան նախագահ Մուն Չժէ Ինը եւ Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ունը Սեպտեմբեր 18-ին ուղղակի բանակցութիւններ սկսած են Փհենիանի մէջ: Իրադարձութիւններու վայրէն հեռարձակում կ’իրականացնէ Սէուլի մէջ կազմակերպուած միջքորէական գագաթաժողովի մամուլի կեդրոնը, որ կը շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբեր 20-ը:

Ինչպէս աւելի կանուխ յայտնած է Մուն Չժէ Ինի վարչակազմը, կողմերը կը քննարկեն Հիւսիսային Քորէայի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ երկխօսութեան վերագործարկման հնարաւորութիւնը, անոր հետ կապուած քորէական թերակղզիի միջուկազերծման հարցը, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան ոլորտի խնդիրները, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *