«ԶԱՐԹՕՆՔ«, ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուքրանիան եւ Եւրամիութիւնը ստորագրած են երկրին 1 միլիառ եւրոյի չափով ֆինանսական օգնութիւն տրամադրելու չորրորդ ծրագիրը. յուշագիրի ստորագրման հեռարձակումը իրականացուցած են ուքրանական հեռուստաալիքները, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը:
«Մենք նոր ստորագրեցինք փոխըմբռնման յուշագիր եւ Ուքրանիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ վարկային համաձայնագիր՝ Ուքրանիոյ ԵՄ-ի մանրաֆինանսական օգնութեան չորրորդ ծրագիրին վերաբերեալ:
«Ուքրանիոյ մանրաֆինանսական օգնութեան չորրորդ ծրագիրին վերաբերեալ համաձայնագիրը Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքերի հետ «Արեւելեան գործընկերութեան» գագաթաժողովի ծիրէն ներս իմ նախորդ քաղաքական պայմանաւորուածութիւններուս գործնական արդիւնքն է: ԵՄ-ը Ուքրանիոյ մանրաֆինանսական օգնութիւն կը տրամադրէ 2014 թուականէն»,- յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքօն, որ ներկայ եղած է համաձայնագիրի ստորագրման:
Ուքրանիոյ համար 1,8 միլիառ եւրօ ֆինանսաւորման ծաւալով նախորդ նմանօրինակ ծրագիրին հաւանութիւն տրուած է 2015 թուականին, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: