Սահմանադրական Ասեանի Նիստին Քննարկուեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Հետ Կապուած Բողոքները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հինգշաբթի Լիբանանի Սահմանադրական Ատեանը 6 Մայիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն անյաջող թեկնածուներու բողոքները լսելու նպատակով գումարեց նիստ՝ գլխաւորութեամբ դատախազ Իսսամ Սուլէյմանի:
Սուլէյման  լսեց հինգ հայցուորներու վկայագիրերը Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանէն:
Յայտնուեցաւ՛ որ հիմնական խնդիրները կը վերաբերէին ոչ թէ ընտրութիւններու արդիւնքներուն, այլ այն ինչ տեղի ունեցաւ ընտրութեան ժամանակ: Խօսուած է ընտրութիւններու օրը տեղի ունեցած նենգ արարքներու եւ միջամտութիւններու մասին, որոնք ակնբախ կողմնակալութիւն կը ցուցաբերէին Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանի մէջ հաստատուած կարգ մը քաղաքական ուժերու, մասնաւորաբար ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Նուհատ Մաշնուքին, որ կը հսկէր ընտրական գործընթացը: 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *