Թուրքիան Նոր Դեսպան Նշանակած Է Ռուսիոյ Մէջ. «Anadolu»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոր դեսպան նշանակած է Ռուսիոյ մէջ: Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Սեպտեմբեր 13-ին յայտնած է «Anadolu»-ն՝ վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ:

Հիւսէին Տիրիոզին, որ ՌԴ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի պաշտօնը կը զբաղեցնէր 2016 թուականէն, կը փոխարինէ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութեան հիւպատոսական ծառայութեան ղեկավար Մեհմեթ Սամսարը: «Hurriyet» թերթի տուեալներով՝ Սամսարը աւելի կանուխ որպէս Թուրքիոյ դեսպան աշխատած է նաեւ Ուքրանիոյ մէջ: Բացի այդ՝ երկրի նոր դեսպաններ նշանակուած են Սպանիոյ, Պրազիլի, Աւստրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի խորհուրդին եւ ԵՄ-ին առընթեր մշտական ներկայացուցիչներ, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *