«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն այսօր պաշտօնական այցով կը մեկնի Ֆրանսայի Սթրասպուրկ քաղաքը եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թաժանիի հրաւէրով, ուր կը հիւրընկալուի եւրոպական խորհրդարանէն ներս որպէս պատուոյ հիւր: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Աունի եռօրեայ այցը կը մեկնարկէ Երկուշաբթի յետմիջօրէին: Կը նախատեսուի, որ Աուն 2018-2019 եւրոպական խորհրդարանի նիստին հանդէս գայ ելոյթով, այնուհետեւ պիտի ունենայ հանդիպումներ եւրոպական շարք մը պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելու համար Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային այլազան խնդիրներ: