ԵԽԽՎ Զեկոյցին Համաձայն՝ Թուրքիոյ Նախագահական Ընտրութիւնները Անցած Են Անհաւասար Պայմաններու Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ մէջ Յունիս 24-ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ հրապարակուած զեկոյցին համաձայն՝ ընտրութիւնները անցած են անհաւասար պայմաններու մէջ, կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ ԵԽԽՎ զեկոյցին մէջ կ’ըսուի, որ ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուներու նախընտրական քարոզարշաւը ընթացած է անհաւասար պայմաններու մէջ, եւ պատշաճ չէ եղած նաեւ քաղաքացիներու առարկայական տեղեկութիւն ստանալու հնարաւորութիւնը:

Լրատուամիջոցները հիմնականօրէն անդրադարձած են գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ իր գլխաւորած Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (ԱԶԿ), ինչը նոյնպէս կը խօսի նախընտրական շրջանին թեկնածուներուն համար եղած անհաւասար պայմաններուն մասին:

Թուրքիոյ մէջ Յունիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն  դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած է ԵԽԽՎ յանձնաժողովի 28 դիտորդ:

ԵԽԽՎ կողմէ հրապարակուած զեկոյցը Հոկտեմբեր 8-ին պիտի քննարկուի Սթրասպուրկի մէջ կայանալիք ԵԽԽՎ ընդհանուր յանձնաժողովի նիստին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *