Թուրքիան մտադիր է ռազմակայան հաստատել Նախիջեւանի տարածքին մէջ: Այսպիսի տեղեկութիւն հրապարակած է թրքական «sozcü» օրաթերթի սիւնակագիրներէն Զէյնեփ Կիւրճանլը` իր հերթական յօդուածին մէջ:
Ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան անդրադարձ կատարած Կիւրճանլը շեշտած է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ բազմաթիւ հարցերու մէջ Թուրքիան եւ Ռուսիան գործընկերներ են, սակայն շարք մը խնդիրներու շուրջ եւ յատկապէս Կովկասի մէջ այս երկու երկիրներուն շահերը կը բախին:
«Որքանո՞վ կրնան Անգարան ու Մոսկուան համագործակցութեան մէջ մտնել Կովկասի մէջ: Անգարայի մէջ փակ դռներու ետին քննարկուող շատ կարեւոր նիւթ կայ` Թուրքիան Սոմալիէն ու Քաթարէն ետք իր երրորդ արտասահմանեան ռազմակայանը կ՛ուզէ հաստատել Նախիջեւանի մէջ եւ արդէն գործի անցած է: Ըստ ձեզի, ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ մեր նոր «ռազմավարական գործընկերը» ատոր»,- գրած է թուրք սիւնակագիրը` յիշեցնելով հայ-ռուսական ռազմավարական սերտ համագործակցութեան մասին: