Աֆղանիստանի Մէջ Ռազմական Ուղղաթիռի Կործանման Հետեւանքով Երեք Մարդ Զոհուած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աֆղանիստանի մէջ ռազմական ուղղաթիռի կործանման հետեւանքով զոհուած է երեք, տուժած եւս երեք մարդ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ նովոսթի»-ն՝ յղում ընելով Աֆղանիստանի «1 TV» հեռուստաընկերութեան:

Ուղղաթիռի կործանման հետեւանքով զոհուած են օդաչուն եւ երկու զինծառայող: Ուղղաթիռին մէջ եղած է 13 մարդ, այդ կարգին՝ 3 օտարերկրացի:

Վթարը տեղի ունեցած է «Շահին» ճամբարի տարածքին, տեղական ժամանակով ժամը 07:00-ին: Կը նշուի, որ ուղղաթիռը պատկանած է օտարերկրեայ ընկերութեան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *