Եւրոպական յայտնի «Emerging Europe» ամսագիրը իր հերթական թիւին մէջ անդրադարձած է Երեւանին եւ ներկայացուցած այս տարի հիմնադրման 2800-ամեայ պատմութիւնը նշող քաղաքի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ «Armedia.am»-ը։
Ներկայացնելով Հայաստանի եւ համայն հայութեան մայրաքաղաքը՝ ամսագիրը պատմական ակնարկին մէջ մասնաւորապէս նշած է, որ աշխարհի ամենահին քաղաքներէն մէկը՝ Երեւանը, հիմնադրուած է ՔԱ 782 թուականին Արգիշտի I արքային կողմէ, որուն մասին կը վկայէ Էրեբունի ամրոցին մէջ հնագիտական պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած սեպագիր արձանագրութիւնը:
Անդրադառնալով զբօսաշրջիկները ամենաշատ հետաքրքրող թեմային, թէ ո՛ւր այցելել եւ ի՛նչ տեսնել Երեւանի մէջ՝ ամսագիրը՝ կ’առաջարկէ այցելութիւններու ծրագիրին մէջ ներառել մայրաքաղաքի թանգարան-հնավայրերը: Իբրեւ առաջին կանգառ՝ ամսագիրը կը կատարէ տարածաշրջանի ամենայայտնի հնավայրերէն մէկուն՝ Էրեբունի պատմահնագիտական ամրոց-թանգարանին մէջ:
«Emerging Europe»-ը Երեւանի մէջ այցելութեան պատմական կարեւորագոյն կէտերէն համարած է նաեւ Շէնգաւիթ հնավայրը՝ ընդգծելով, որ երկրի ամենայայտնի հնագիտական պրոնզեդարեան յուշարձաններէն մէկը անտարբեր չի ձգեր պատմութեան սիրահարները: Պատմական գրաւչութիւններու շարքին մէջ առանձնացուած է նաեւ Կարմիր բլուրը, ուր յայտնաբերուած է Թէյշեբայինի ամրոցը:
«Ժամանակակից Երեւանը, մօտ 1.3 միլիոն բնակչութեամբ, Հայաստանի տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային կեդրոնն է: Անիկա կը ներառէ Հայաստանի պատմական 11 մայրաքաղաքներուն փառքն ու պատմութիւնը եւ կը համարուի բոլոր հայերուն մայրաքաղաքը: Թէեւ Երեւանը Հռոմէն 29 տարի մեծ է, այսօր անիկա ժամանակակից քաղաք է, որուն ներկայ արտաքին տեսքը ձեւաւորուած է 20-րդ դարու կէսերուն: Այս տարի Երեւանը կը նշէ իր հիմնադրման 2800-ամեակը»,- կը նշուի «Issuu» առցանց հարթակին վրայ տեղադրուած յօդուածին մէջ:
Ներկայացնելով ժամանակակից Երեւանը՝ ամսագիրը առանձին «EVNfestivals2018» սիւնաշարով անդրադարձած է ամրան Երեւանի մէջ նախատեսուող աւելի քան 60 մարզամշակութային ձեռնարկներուն՝ յատուկ ուշադրութեան արժանացնելով երեւանեան փառատօնները: Առաւել մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնողներու շարքին ամսագիրը ներկայացուցած է հայկական խոհանոցային հարուստ աւանդոյթներուն ծանօթանալու հնարաւորութիւն ընձեռող «Համով հոտով Երեւան», ազգային հագուստներու «Երեւան Տարազֆէսթ» եւ «Երեւանի գարեջուր»-ի փառատօները, որոնք ամէն տարի դէպի Երեւան կը բերեն մեծաթիւ զբօսաշրջիկներ:
Յօդուածին մէջ «Emerging Europe»-ը կը յիշեցնէ, որ Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի հիմնական ձեռնարկները պիտի իրականացուին Սեպտեմբեր 29-ին եւ 30-ին:
Ձեռնարկներուն ամբողջական ցանկին եւ մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար ամսագիրը կ’առաջարկէ օգտուիլ քաղաքի յոբելեանին ընդառաջ գործարկուած՝ www.yerevan2800.am կայքէն:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպան լուսաբանող «Emerging Europe» ամսագիրը իր հրապարակման մէջ անդրադարձած է նաեւ Երեւանի ներդրումային հետաքրքրութիւններուն եւ գրաւչութիւններուն՝ ընդգծելով այս մասով Հայաստանի մայրաքաղաքին տրուած միջազգային գնահատականներն ու քաղաքային իշխանութիւններու պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու մասնաւոր հատուածի հետ համագործակցութեան զարգացման: