Ամերիկեան հեղինակաւոր «The New York Times» պարբերականը հայ եւ թուրք լուսանկարիչներ Անահիտ Հայրապետեանի ու Սերրա Աքչանի համատեղ նախագիծին մասին յօդուած հրապարակած է: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով՝ նախագիծը կը բացայայտէ Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ եւ իսլամացած հայերու՝ սահմանէն անդին շարունակուող կեանքը։ Լուսանկարիչները կը փնտռէին ծպտեալ հայերու, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ ողջ մնացածներու ժառանգներ են:
Ըստ պարբերականին՝ լուսանկարիչները հասած են ժամանակակից Թուրքիոյ ամենախուլ գիւղերը, ուր մինչեւ օրս հայեր կ’ապրին: «Ծպտեալ հայերը, որոնց կը փնտռէին լուսանկարիչները, 1915-ին ողջ մնացած հայերու ժառանգներն են՝ հիմնականը այն կանանց ու երեխաներուն, որոնց ընդունած են տեղաբնակ քիւրտ, թուրք ու արաբ ընտանիքները, եւ որոնք դաւանափոխ եղած են:
Որոշ հեռաւոր գիւղերու մէջ, ուր եղած են Հայրապետեանն ու Աքչանը, հայերը կը թաքցնէին իրենց կրօնքը եւ պատկանելիութիւնը՝ հարեւաններու ճնշումներուն պատճառով:
Ծնողները հազուադէպ տեղեկացուցած են երեխաներուն իրենց ժառանգութեան մասին, շատերը նոյնիսկ կը խուսափէին հայերէն խօսելէ»,- կը գրէ պարբերականը։
Ծպտեալ հայերէն շատերը պատմած են, որ մինչեւ վերջերս չեն գիտցած իրենց ծագումին մասին: Տղամարդ մը պատմած է, որ իր հայկական ծագումին մասին գիտցած է՝ բացայայտելով մեծ մօր գաղտնիքը. մէկ անգամ ան հետեւած է մեծ մօրը, երբ վերջինս ըսած է, որ բոյսեր հաւաքելու կ’երթայ մօտակայ բլուրներէն, եւ տեսած է, թէ մեծ մայրը ի՛նչպէս կ’աղօթէ հայկական եկեղեցւոյ փլատակներուն մէջ՝ իրեն անյայտ լեզուով: Այդպիսով գիտցած է, որ ինք հայ է:
Սերրա Աքչանը եւ Անահիտ Հայրապետեանը հանդիպած են 2006 թուականին, երբ մասնակցած են հայ եւ թուրք լուսանկարիչներու համատեղ նախագիծին եւ պարզած, որ անոնք շատ ընդհանուր են: Նոյն այդ ժամանակ կանայք յայտնաբերեցին, որ բաւականին շատ ընդհանուր բան ունին: