Մայիս 5-ին Վրաստանի Պոլնիսի շրջանի Պոլնիս-Խաչէն գիւղին մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ նոյնանուն գիւղի զաւակ, մեծ մանկավարժ ու մանկագիր, յայտնի գրող ու հասարակական գործիչ Ղազարոս Աղայեանի յիշատակի օրը, որուն իրենց մասնակացութիւնը բերին նաեւ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը: Աւանադական դարձած ձեռնարկը կազմակերպուած էր Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պոլնիս-Խաչէն հայրենակցական միութեան աջակցութեամբ:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան մամուլի ծառայութենէն, ձեռնարկին բացման իր խօսքին մէջ Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ, աղայեանական օրուան կազմակերպիչ Գէորգ Սնխչեան անդրադարձ կատարեց մեծ գրողի կենսագրութեան եւ գրական գործունէութեան, խօսեցաւ այն մեծ ներդրումին մասին, որ Ղազարող Աղայեան ունեցած է հայ գրականութեան զարգացման գործին մէջ:
Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ռուբէն Սադոյեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց Ղազարոս Աղայեանի այն մեծ դերն ու նշանակութիւնը, որ ականաւոր գործիչը ունեցած է հայ մանուկի դաստիարակութեան գործին` միաժամանակ ողջունելով նմանօրինակ ձեռնարկներու կազմակերպիչներուն` հայ մեծանուն գրողներու եւ անոնց ստեղծագործութիւներու հանրահռչակման գործին ցուցաբերած հետեւողական աշխատանքին համար:
Ձեռնարկին ներկայացուեցան հայկական երգ ու պարի, ինչպէս նաեւ ասմունքի կատարումներ:
Դեսպան Սադոյեան նաեւ շրջայց կատարեց Ղազարոս Աղայեանի տուն-թանգարանը եւ գրառում կատարեց պատուոյ հիւրերու յուշամատեանին մէջ: Ռուբէն Սադոյեան գիւղացիներուն վստահեցուց, որ դեսպանութիւնը կ’ընէ հնարաւոր ամէն ինչ, որպէսզի հայ մեծ մանկագիրի տուն-թանգարանը ունենայ աւելի բարւոք պայմաններ եւ աւելի ներկայացուցչական տեսք: