Ցեղասպանութեան Հաշուետուութեան Եւ Հաշտութեան Նուիրուած Քննարկումներ UCLA Եւ «Ճորճթաուն» Համալսարաններուն Մէջ

Արդարութեան ու մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի գործադիր վարիչ Քէյթ Նահապետեան վերջերս մասնակցեցաւ ամերիկեան հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ կազմակերպուած՝ ցեղասպանագէտներու հետ երկու հանրային քննարկումներու՝ ներկայացնելով ցեղասպանութեանց առաջքը առնելու ջանքերուն մէջ արդար հաշուետուութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը։

Ամերիկայի «Ասպարէզ»-ի տեղեկութիւններով՝ քննարկումներէն առաջինը տեղի ունեցաւ Գալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Իրաւաբանական բաժանմունքին մէջ գործող Մարդկային իրաւանց «Խոստումը» հիմնարկի եւ «Լասքին» կեդրոնի համագործակցութեամբ։ Ապրիլ 11-ին՝ «Մարդկային իրաւանց անցեալն եւ ապագան. Ցեղասպանութեան հաշուետուութեան արժեւորում» խորագիրին տակ կայացած այդ քննարկումէն վեց օր ետք տեղի ունեցաւ «Ճորճթաուն» համալսարանի՝ «Հաշտութիւն բռնատիրութենէն ետք. Հայկական պայքարի ապագան» քննարկումը՝ հիւրընկալութեամբ տեղի Հայ ուսանողական միութեան եւ «Վարդանի Ասպետներ» կազմակերպութեան։

Առաջին քննարկումին ընթացքին Նահապետեան լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն բոլոր տուժածներուն համար վնասուց արդար հատուցում ապահովելու կարեւորութիւնը, մինչ փրոֆ. Պեն Մետլի, փրոֆ. Ճեֆրի Ռապինսըն, փրոֆ. Իրմա Ալիսիա Վալասքեզ Նիմաթուժ եւ Սարա Լի Ուիթսըն խօսեցան յաջորդաբար՝ Միացեալ Նահանգներու բնիկներուն, ինտոնեզիացիներուն, Կուաթեմալայի բնիկներուն եւ եզիտիներու պարագաներուն մասին։

«Ճորճթաուն» համալսարանին մէջ, Նահապետեան, փրոֆ. Կրեկըրի Սթենթըն ու փրոֆ. Տեպրա Տուորք քննարկեցին ցեղասպանութիւններէ ետք արդար հաշուետուութեան հասնելու յաջողած եւ ձախողած պարագաները՝ կեդրոնանալով յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան, Հրէական Ողջակիզման եւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան վրայ։

Երկու քննարկումներուն ընթացքին ալ Նահապետեան լուսարձակի տակ առաւ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ պետական ջանքերը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ շարունակուող փոքրամասնութեանց հալածանքը եւ Հայաստանը շրջափակուած պահելու նպատակով Անգարայի ու Պաքուի գործակցութիւնը։

«Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը դուռ կը բանայ ոչ միայն հայերուն դէմ յաւելեալ հալածանքի առջեւ, այլեւ Թուրքիոյ մէջ թիրախ կը դարձնէ միւս փոքրամասնութիւնները»,- շեշտեց Նահապետեան։

Քննարկումներուն ընդհանուր եզրակացումը այն եղաւ, որ արդար հատուցումները կենսական դերակատարութիւն ունին անիրաւուած եւ յանցագործ կողմերուն միջեւ հաշտութիւն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու բարդ ջանքերուն մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *