Ազրպէյճանի հիմնական ընդդիմադիր ուժը հանդիսացող Դեմոկրատական ուժերու ազգային խորհուրդի արտաքին հարցերով պատասխանատու նախկին պատգամաւոր Կիւլթեքին Հաճիպէյլին, իր ֆէյսպուքեան էջին գրառում կատարելով, յայտնած է, որ իր 13-ամեայ զաւակին վտանգ կը սպառնայ:
Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական «meydan.tv»-ն:
Հաճիպէյլին յայտնած է, որ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ իր զաւակին սպառնացող վտանգին մասին Ապրիլ 1-ին զինք յայտնած է Ազրպէյճանի իրաւապահ մարմիններուն մէջ աշխատող անձ մը, որ չէ մանրամասնած, թէ ի՛նչ վտանգի մասին է խօսքը:
«Ես ինծի դէմ ուղղուած սպառնալիքներուն երբեք կարեւորութիւն չեմ տուած: Այս անգամ նոյնպէս կարեւորութիւն չէի տար, եթէ 2013-ի դէպքը չ’ըլլար: 2013-ի Փետրուարին նոյն աղբիւրը ինծի ըսաւ, որ տղայիս կրնամ կորսնցնել: Ես այդ ատեն լուրջ չվերաբերուեցայ եւ անոր արդիւնքով զաւակս դարձաւ իմ քաղաքական գործունէութեանս զոհը եւ ծանր հոգեբանական խնդիրներ ունեցաւ սպառնալիքներուն հետեւանքով: Այդ ամէնէն ետք երեխաս 2 տարի հոգեբանական բուժում ստացաւ: Հիմա բաց կերպով կը յայտարարեմ, որ եթէ երեխայիս դէմ որեւէ քայլ առնուի՝ ֆիզիքական, հոգեբանական յարձակում, դժբախտ պատահար կամ որեւէ այլ բան, այդ մէկը կատարուած կ’ըլլայ իշխանութիւններուն կողմէ»,- նշած է Հաճիպէյլին:
«Meydan.tv»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նախկին պատգամաւորը նշած է, որ այս հարցով տակաւին չէ դիմած իրաւապահ մարմիններուն:
Ազրպէյճանի մէջ Ապրիլ 11-ին տեղի պիտի ունենան նախագահական արտահերթ ընտրութիւններ: Ազրպէյճանի մէջ իշխող ալիեւեան համայնքը ամէն ձեւով կը փորձէ ընտրութիւններուն յաղթել, որքան կարելի է բարձր ձայներով, եւ այդ նպատակով, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ հիմա ընդդիմութեան ճնշելու միջոցներ կը կիրարկէ:
Ազրպէյճանական ընդդիմադիր ուժերու առաջին համատեղ նախընտրական հանրահաւաքը տեղի ունեցած է 2018-ի Մարտ 10-ին, երկրորդը՝ Մարտ 31-ին:
2013 թուականին ստեղծուած Դեմոկրատական ուժերու ազգային խորհուրդի կազմին մէջ ընդգրկուած են Ժողովրդական Ճակատ կուսակցութիւնը, մեծ թիւով ժողովրդավարական հասարակական եւ քաղաքացիական աքթիվիստներ:
Ազրպէյճանի մէջ ընդդիմադիրներուն ճնշելու համար լայնօրէն կ’օգտագործուին անհիմն ձերբակալութիւնները, հարազատներուն վնասելու, ինչպէս նաեւ անձնական կեանքին վերաբերուող գաղտնի տեղեկութիւնները հրապարակելու սպառնալիքները: