Ուքրանիոյ հայերու միութեան «Շնորհակալութիւն կրկին ծաղկելու հնարաւորութեան համար, հայեր» խորագիրը կրող հոլովակը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ընտրուած է Քաննի 71-րդ փառատօնին մասնակցելու համար: Այս մասին, ըստ «Հայերն Այսօր»-ի, կը յայտնէ «analitikaua.net»-ը:
Շարժանկարի փառատօնին ընթացքին հոլովակը պիտի ցուցադրուի ոչ մրցութային «CANNES SHORT FILM CORNER» ծրագիրի ծիրէն ներս: Անիկա ցուցադրութեան պիտի դրուի շարժանկարի շուկայի ուքրանական տաղաւարին մէջ:
Ուքրանիոյ հայերու միութեան մամուլի ծառայութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ հոլովակը արդէն իսկ մասնակցած է միջազգային փառատօններու: Մասնաւորապէս հոլովակը պատուաւոր երրորդ հորիզոնականը գրաւած է »Molodiya Festival» հասարակական գովազդի փառատօնին: Շարժապատկերներու բեմադրիչներն են՝ Անդրանիկ Պէրպէրեանը եւ անոր գործընկեր Անտրէյ Լիտակովսքին: