Որքան Ալ Ցաւալի Ըլլայ, Տինք Իր Մահով Օգուտ Տուաւ Մարդկութեան․ Տինքի սպանութեան Գործով Մեղադրեալ

Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական հերթական նիստին պաշտպանական ճառով հանդէս եկած է Պոլսոյ ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին աշխատակից Մուհարեմ Տէմիրքալէն:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»ը, թուրք հետախոյզը իր պաշտպանական ճառին մէջ հերքած է իրեն ուղղուած մեղադրանքները Տինքի սպանութեան հետ կապուած` շեշտելով, որ իրենց դէմ մեղադրանքները շինծու են:

Մուհարեմ Տէմիրքալէն խօսքը ուղղած է նաեւ Տինքի ընտանիքին․ «Յարգելի ընտանիք, կ՛ուզեմ ձեզի դիմել: Այս ստոր դաւադրութեան մէջ ես որեւէ կապ չունիմ: Որպէս այս հողերու վրայ ապրող մարդիկ, դուք գիտէք, որ այստեղ մարդիկ յայտնի կը դառնան սպաննուելէն ետք: Միլիոնաւոր մարդիկ Հրանդը գետնին պառկած տեսնելէ ետք ըսին, որ իրենք անոր նման մէկն են ու Հրանդը իրենցմէ մէկն է: Ի հարկէ, այդ ամէնը Հրանդը ետ չի բերեր, սակայն որքան ալ որ ցաւալի է, որոշ մարդիկ իրենց մահով մարդկութեան օգուտ կու տան»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *