Իններորդ վիրաւոր զինուորը Արցախի մէջ նոր առանձնատուն ստացաւ Թուֆենկեան հիմնադրամէն

Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին վիրաւորուած ազատամարտիկ Արարատ Աւանեսեանը բնակարանամուտ նշեց Արցախի Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղին մէջ: Առանձնատունը գնուած եւ վերանորոգուած է Թուֆենկեան հիմնադրամին կողմէ, Վիվասել-ՄՏՍ-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի եւ Ազատուհի Զարուկեանի կողմէ վերջերս հիմնադրուած` Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հովանիի ներքոյ գործող Զարուկեան հիմնադրամի համաֆինանսաւորումով:

Առանձնատան բացման մասնակցած են Ասկերանի վարչակազմի ղեկավար Սերկէյ Գրիգորեանը, Պատարայի գիւղապետ Կարէն Արզումանեանը եւ Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Ռաֆֆի Տուտագլեանը:

Արարատ Աւանեսեանը ազատագրական շարժումին միացած առաջին կամաւորներէն է: 22 տարեկանին ան ծանր վնասուածք ստացած է մարտի դաշտին մէջ եւ այդ օրուընէ ունեցած է շարք մը առողջական խնդիրներ: 47 տարեկան Արարատը այժմ Պատարա գիւղին մէջ  կը բնակի կնոջ եւ դպրոցական տարիքի երեք դուստրերուն հետ: Մինչեւ վերջերս, ընտանիքը չունէր սեփական կացարան եւ ստիպուած էր ժամանակաւոր բնակութիւն հաստատել բարեկամներու տունը:

Ասիկա Թուֆենկեան հիմնադրամի «Բնակարանային աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներուն» ծրագիրին ծիրէն ներս տեղի ունեցած 9-րդ բնակարանամուտն է: Ծանր պայմաններու մէջ յայտնուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցելու նպատակ ունեցող այս ծրագիրը մեկնարկած է 2016 Ապրիլին` ի պատասխան Քառօրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակին: Մինչ օրս, ծրագիրին ծիրէն ներս կառուցուած է ինը տուն, վերանորոգուած կամ ձեռք բերուած Արցախի վիրաւոր զինուորներուն համար:

«Արարատը մէկն է այն խիզախներէն, որուն արիութեան եւ զոհաբերութեան շնորհիւ մեր հայրենիքը այսօր ազատ է: Այս զինուորներուն օգնելը մեզի համար կարեւորագոյն պարտաւորութիւն է, որուն միջոցով մեր յաւերժական երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Արցախի հերոս որդիներուն»,- ընտանիքը շնորհաւորելով ըսած է Թուֆենկեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Ռաֆֆի Տուտագլեանը:

Չնայած ի սկզբանէ ծրագիրը նպատակաուղղուած էր աջակցելու Ապրիլեան պատերազմի մասնակից զինուորներուն, յետագային անիկա ընդլայնուեցաւ՝ ընդգրկելով շտապ բնակարանային աջակցութեան կարիք ունեցող Արցախցի զինուորներուն, անկախ անկէ, թէ անոնք ե՛րբ վիրաւորուած են: Արարատ Աւանեսեանը 90-ականներու Արցախեան ազատամարտի մասնակից երրորդ զինուորն է, որ առանձնատուն ստացած է այս ծրագիրին ծիրէն ներս:

Իրականացման երկու տարիներուն ընթացքին ընդլայնուած է նաեւ ծրագիրին աշխարհագրութիւնը՝ երկարելով Ստեփանակերտի եւ Հադրութի պէս խոշոր քաղաքներէն մինչեւ Արցախի հեռաւոր սահմանամերձ գիւղերը:

Մինչ այժմ ծրագիրին մէջ ներառուած բոլոր 9 զինուորները կը գտնուէին բարդ հասարակական-տնտեսական իրավիճակի մէջ եւ կը բնակէին առողջութեան համար վնասակար կացարաններու մէջ: Աւելին, ծանր վնասուածքներու հետեւանքով անոնք ի վիճակի չէին վերանորոգումներու միջոցով բարելաւելու իրենց պայմանները կամ աշխատելու նոր տուն գնելու համար: Ինչպէս այս զինուորներէն շատերը, Արարատ Աւանեսեանի ընտանիքը նման դժուար կացութեան մէջ ապրած է երկար տարիներ, որոնց ընթացքին սեփական տուն ունենալը եղած է անոնց միակ երազանքը:

Ընտանիքի նոր տունը ձեռք բերուած է նախորդ տարուան Նոյեմբերին եւ հիմնարար վերանորոգման ենթարկուած` Արարատի ընտանիքին համար արժանապատիւ կեցութիւն ապահովելու համար: Ընդհանուր բարելաւումներէն եւ նորոգումներէն բացի կառուցուած է նոր խոհանոց եւ լուացարան, ինչպէս նաեւ յատուկ յարմարեցումներ կատարուած են առանձնատունը Արարատի տեղաշարժման կարիքներուն (Արարատը կը քալէ յենակներու օգնութեամբ) համապատասխանեցնելու համար:

Հակառակ անոր որ 2016-ի արտակարգ իրավիճակը անցեալ է, Արցախի զինուորներուն բնակարանային կարիքները դեռ լուծուած չեն: Հաշուի առնելով նմանատիպ օգնութեան կարիք ունեցող վիրաւոր զինուորներուն թիւը՝ հիմնադրամին այս նախաձեռնութիւնը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *