Հռոմի Պապը Վատիկանի Մէջ Գրիգոր Նարեկացիի Արձանի Բացումը Կը Կատարէ

Վատիկանի ՄԷջ պիտի բացուի 10-րդ դարու հայ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան Գրիգոր Նարեկացիի արձանը:

Արարողութեան, որ ծրագրուած է 2018 թուականի Ապրիլ 5-ին, պիտի մասնակցի Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ը, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Այս մասին  կը յայտնէ «The Armenian Weekly»-ն:

Արարողութեան մանրամասնութիւնները քննարկելու համար Վատիկան  ուղեւորուած են Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Ս. Արքեպիսկոպոս Պարսամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Տ. Շահէ վարդապետ Անանեան:

Նարեկացին սրբադասուած է ոչ միայն հայ առաքելական, այլեւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *