«System of A Down» հանրայայտ ռոք խումբի մեներգիչ եւ երգերու հեղինակ Սերժ Թանգեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հոլանտային Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար: Այդ մասին Թանգեան գրած է իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ:
«Շնորհակալ եմ Հոլանտայի խորհրդարանին եւ Հոլանտայի մեր բոլոր բարեկամներուն: Ճշմարտութիւնը միշտ պէտք է յաղթէ՝ անկախ աշխարհաքաղաքական պահանջներէ եւ իրական քաղաքականութենէ»,- գրած է ան:
Ըստ անոր՝ ատիկա ոչ միայն պատմական ճշդում է, այլ նաեւ այն բանի վկայութիւնը, որ աշխարհը աւելի կը յոգնի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն եւ անոր կողմնակիցներէն: